2017-03-21 11:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Ամօթխածութիւնը շնորհք մըն է ու հիմք ներումի խորհուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ներում ընդունիլ եւ ներել, անհասկնալի դժուար խորհուրդ մը որ կարիքը ունի աղօթքի, ապաշխարութեան եւ ամօթխածութեան'' այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 21 Մարտ 2017ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ։

Խորհրդածելով ներումի խորհուրդի մասին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ առաջին քայլը կը կայանայ ամօթխածութեան մէջ, ամօթը զգալ գործած մեղքին համար։ Ամօթխածութիւնը շնորհք մըն է ու հիմքն է ապաշխարութեան ու ներումի խորհուրդին։

Երթալ խոստովանարան պարզապէս մեղերը խոստովանելով առանց անոնց ամօթը զգալու կը նմանի դրամատան մէջ կատարուած մէկ գործողութեան, կարծես զգացիր թէ խղճիդ մէջ կան  բիծեր եւ ուզեցիր զանոնք մաքրել սակայն խոստովանարանը լուացքատուն մը չէ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու ընդգծեց թէ եթէ գիտակցութիւն չունինք թէ մենք կարելիութիւնը ունինք ներում ընդունելու չենք կարող մեր կարգին ներել ու թէ ներումը կարելի է միայն այն ժամանակ երբ մենք կը ճանչնանք մեր մեղաւոր ըլլալը ու ամօթ կը զգանք ապա Աստուծմէ ներում կը հայցենք.Այդ ժամանակ ներում կ՛ընդունինք Հօրմէ ու մեր կարգին կը դառնանք ներողամիտ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել ներումի շնորհքը` ''հայցենք ամօթխածութեան շնորհքը։ Ամօթը զգանք մեր գործած մեղքերուն համար ու հայցենք պարգեւը մեր կարգին ներում շնորհելու ուրիշներուն, այն համոզումով որ եթէ Տէրը ինծի ներեց ո՞վ եմ ես որ չներեմ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.